2013-05-09 12:44:01

Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Թաուատրոս Բ Հռոմի Մէջ։


Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապեատական խորհուրդը կը հաղորդէ թէ մայիս 9 - 13 Ղպտիներու Նորընտիր Պատրիարք` Թաուատրոս Բ. Հռոմ կը ժամանէ հանդիպելու` ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ու միասնաբար նշելու Պօղոս Զ-ի եւ Շնուտա Պատրիարքի ստորագրած ''Քրիստոսաբանութեան'' մասին յայտարարութիւնը որ տեղի ունեցած էր, քառասուն տարիներ առաջ, Վատիկանի մէջ` 5 մայիս 1973-ին եւ որ սկիզբ տուած էր համամիութենական երկխօսութեան, երկու եկեղեցիներու միջեւ ։

Թաուատրոս Պատրիարքի ընտրութենէն ասդին Եգիպտոսի մէջ միջեկեղեցական յարաբերութիւնները զարգացում արձանագրեցին ստեղծելով ''Եգիպտոսի Քրիստոնեայ եկեղեցիներու խորհուրդը'' ։

Օրթոտոքս Ղպտիներու Պատրիարքը 10 մայիսի առաւօտեան հանդիպում կ՛ունենայ Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Ան ապա կը հանդիպի Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի անդամներուն ու նաեւ Վատիկանի զանազան ժողովներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Իր կեցութեան ընթացքին Թաուատրոս Պատրիարքը կ՛ այցելէ Սուրբ Պետրոս Եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու դամբանները եւ հանդիպում կ՛ ունենայ Հռոմաբնակ Ղպտի Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն հետ - կը նշէ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապեատական խորհուրդի հաղորդագրութիւնը։

Յայտնենք որ Աղեքսանդրիոյ Ղպտի օրթոտոքս եկեղեցին ունի գրեթէ 10 միլիոն հաւատացեալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.